Շահան Շահնուր - «Պճեղ մը անուշ սիրտ»



Շահան Շահնուր - «Պճեղ մը անուշ սիրտ» 
Կարդում է ԽՍՀՄ և ՀՀ ժողովրդական արտիստ Վարդուհի Վարդերեսյանը Նյութը՝ արտիստուհու անձնական արխիվից

Խոշոր ծրար մը թեւին տակ բարձրացաւ 89 թիւ հանրակառքը, որ Օթել տը Վիլէն մեկնելով կ՚երթայմինչեւ Գլամառ:
Սովորականէն քիչ մը աւելի տատանեցաւ կանգ առած վակոնը իր զսպանակներուն վրայ: Վակոնիմը համար բնաւ արհամարհելի չէր ներս մտնող կնոջ ծանրութիւնը: Հաստամարմին մայրիկըծիծաղելիօրէն պզտիկ ու սեւ գլխարկ մը ունի, խղճուկ սեւ վերարկու մը ունի, ինչպէս նաեւ սեւյօնքեր, սեւ վերին շրթունք եւ երկու սեւ ակռայ: Հատ մըն ալ Հայու սեւ ճակատագիր:
Եպրաքսէ հանըմ «փարտոն» ըսելով անցաւ անկիւն մը ու իր ծրարը դրաւ ոտքերուն մէջտեղ:Տեղաւորուեցաւ, օ՜ֆ մը քաշեց, տոմսակը մատանիին մէջ անցուց եւ քննական ակնարկ մըպտըտցուց շուրջը:
Իր ճիշդ դէմը նստած էր քիչ մը դժգոյն երիտասարդը, թուխ եւ կոկիկ հագուած: Եթէ ոչ տխուր՝գոնէ մելամաղձոտ էր ան, եւ ինքն իր վրայ կրած: Եպրաքսէ հանըմ նշմարեց, որ անոր գիրկըգտնուող փոքրիկ ծրարը հայերէն թերթի մը մէջ պլլուած է: Առանց այլեւայլի ըսաւ.
— Գիտես քի ես քեզ պիտի ճանչնամ: Դուն Փառանձեմին տղան չե՞ս:
Ո՚չ, Փառանձեմին տղան չէր, բայց Հայ էր: Անակնկալէն այնպէս մը ցնցուեցաւ, որ անմիջապէստուաւ իր անունը:
Կարապետեան… Նորայր Կարապետեա՞ն: Քա, ես փէ՜ք շատ Կարապետեան կը ճանչնամ: ԴունՄարզուանի՞ Կարապետեաններէն ես… Խասքէօյի՞… Չօք շէ՜յ, թա՛մ Փառանձեմին տղուն կընմանիս… հա՛րկաւ` Հայ ըլլալդ քիթէդ-բերնէդ կը վազէ կոր, հէմէն ըսի քի մեր արիւնէն ես… Գործդի՞նչ է… ան ատեն մութլախա պիտի ճանչնաս իմ տղաքս… Պզտիկս եկեղեցին ձայնաւորութիւնկ՚ընէ… դուն եռաձայն չե՞ս… Ինչո՞ւ մայրիկդ քովդ բերել չես տար… Քոյրիկդ քեզմէ մե՞ծ է…կարգուա՞ծ է… Քա ես խե՞նթ եմ… Աչքս ելլայ, ասանկ տղաքներ հասցուր տէ, վերջն ալ մի՛վայելեր… մայր չէք քի ինչ ըլլալը հասկնաք: Ես իմ տղոցս կ՚ըսեմ. «Դուք իմին ճիյէրս էք, տալախսէք, պունպարս եք»: Իմին ճիլվէս ալ ա՛ս է: Աս ըսելուս պէս տղաքս կը խնդան վրաս: Լուր չունին,որ դիտմամբ կ՚ըսեմ, միտքս իրենց խնդալն իմանալն է: Քա ինձի համար ուրիշ ի՞նչ կայ. — վերըԱստուած` վարը մանչերս: Հարկա՛ւ անանկ կ՚ըսեմ: Ինտո՜ր կ՚ըլլայ որ չես ճանչնար կոր պզտիկս:
Եպրաքսէ հանըմ յանկարծ ականջները գոցեց, որովհետեւ հանրակառքին անիւները գէշ կերպովկը սկրթուէին, անկիւնադարձի մը պատճառով: Յետոյ շունչ առաւ եւ հարցուց.
— Ան չէ ամա, դուն Սերովբէն կը ճանչնա՞ս… Սէն Միշէլի հայ նպարավաճառը… Հա՛ ճանըմ, շանզաւակ Սերովբէն… էյ, ի՞նչ տեսակ Հայ ես դուն. ժամ չե՜ս երթար, մեր նպարավաճառը չե՜սճանչնար, հետս չե՜ս խօսիր…
Տղան կը ժպտէր թեթեւ մը եւ մտիկ կ՚ընէր գլուխը կախ:
— Չե՜ս հարցնէր, — ըսաւ քիչ մը վերջ հայ մայրը, — չե՜ս հարցնէր, քի ի՞նչ է ծրարիդ մէջինը: Ըսեմնէ` վրա՛ս պիտի խնդաս: Բայց է՛ն առաջ դուն ինձի սա՛ ըսէ — տեղ մը յարմար, աժանկեկ,ափարթման մը կը ճանչնա՞ս: Երկու սենեակ` խոհանոց մը ըլլայ… Աս ի՜նչ դժուար բան է: Քաշածսմիայն Տէ՛րը գիտէ: Նայէ՛, ծրարիս մէջինը խալի է, գիտնաս ինչե՜ր քաշեցի ասոր ձեռքէն: Եւ սկսաւպատմել թէ ինչեր քաշած է իր այս թրքական գորգին ձեռքէն: Ամէն բանէ առաջ ուզեց նկարագրելիր տունը: Ըսաւ թէ իր երկու մանչերուն հետ կը բնակի հին եւ աշտարակի պէս նեղ տան մը ո՛չ թէգագաթը, այլ գագաթին գագաթին գագաթը: Թէ անկարող է մէկ շունչով վեր բարձրանալու: Երեքանգամ կը նստի սանդուխներուն վրայ եւ կ՚ըսէ. «Մեղա՜յ ամենասուրբ Երրորդութեանն` Հօր եւՈրդոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ»: Խօսք է ըրածդ. սիրտը վե՜ր կ՚ելլէ: Իսկ յարկաբաժինը` Աստուածթշնամիիս չցուցնէ… Առաստաղը ցած է հոն եւ ծուռ: Հո՛ս ծուռ, հո՛ն ծուռ։ Ճշմարիտը ուղտի կռնակ:Այնքան որ` մարդ կը կարծէ, թէ կոխած տեղն ալ ծուռ է: Ամառը շատ տաք կ՚ընէ, տանիքին ճիշդտակը գտնուելուն համար, եւ Եպրաքսէ հանըմին աչքերէն շոգի կ՚ելլէ: Սենեակներն ալ գրպանիչափ են: Պոլիս եղած ատեն Եպրաքսէ հանըմ ասոնցմէ մեծ որմնադարան ունէր: Չորս հատորմնադարան՝ որոնց յարգը չէր գիտէր եւ անոնց մէջ սո՜խ կը կախէր, սերկեւի՜լ կը կախէր: Եւյետոյ պատուհանները փոքր ու նեղ ըլլալնուն համար, հայ մայրը ոչի՛նչ կրնայ թօթուել: Իր օձիքնանգամ չկրնար թօթուել: Եւ Աստուած գիտէ, թէ ո՜րքան բան ունի մաքրելիք, քանի ործխնելոյզներուն մուրը ուղղակի ներս կու գայ: Հիմա գանք սա թրքական գորգին: Դուն ըսէ,ի՞նչպէս զայն թօթուէ եւ ո՞ւր թօթուէ: Սկիզբները կ՚իջնար երկու յարկ վար, եւ սանդուղին վրայիմէկ պատուհանէն կը թօթուէր: Բայց իր դէմը ելան նոյն յարկի երկու ջատուկները, ինչպէս նաեւդռնապանուհին:
 Իբրեւ թէ Եպրաքսէ հանըմ ծայրայեղութեան տարած է եղեր մաքրասիրութիւնը:Ճշմարիտ խենթ մըն է եղեր: Իբրեւ թէ ամէն օր եւ օրն ի բուն ջուր կը վազցնէ, տախտակ կը շփէ եւբան կը թօթուէ եղեր: Թէ Փարիզի մէջ կայ եղեր օրէնք մը՝ որ կ՚արգիլէ առաւօտեան ժամը ութէնվերջը որեւէ բան թօթուել պատուհանէ մը՝ երբ այդ պատուհանը փողոցի վրայ կը նայի: Իսկ եթէկը նայի տակի բակին վրայ, առ առաւելն մինչեւ առաւօտեան տասը կարելի է եղեր թօթուել:Սո՛ւտ, ամբողջը սուտ: Միթէ Եպրաքսէն օրէնքները չի՞ ճանչնար: Ո՞ր խենթը աս օրէնքը դրեր է:Կարճ խօսք` դռնապանուհին անբացատրելի եւ բուռն հակառակութիւն մը ունի իրենց դէմ: Իրմեծագոյն փափաքն է ժամ առաջ հայ ընտանիքին մեկնումը տեսնել: Այդ պատճառաւ մատըպլորած է բան թօթուելու այս խնդիրը, եւ ոչ միայն ամէն առթիւ հայ կնոջ երեսինյանդիմանութիւններ կը նետէ, այլ նաեւ վէճին մասնակից կ՚ընէ Եպրաքսէ հանըմին ձագուկները,որոնք պարզ բանուորներ են կաշմբուռն։ Եպրաքսէ հանըմ այս բանը չի սիրեր: Էրիկմարդ ըսածդխառնուելու չէ տան գործերուն: Ան շուկան` կինն ալ տունը: Բայց եւ այնպէս խառնուեցան, եւպոռալով-կանչելով արգիլեցին իրենց մօր` որեւէ դժգոհութեան տեղի տալ: «Փարիզի մէջ conciergeըսածդ Աստուած է» ըսին: Արտաքսումի սպառնալիքը ահաբեկած էր զանոնք երկուքն ալ: Եւ այսբոլորը «Աստծոյ» պատճառաւ, որ անտանելի հրէշ մըն է, խստահամբոյր, դառնաբարոյ, դաժան:Բերնէն ելածը չի գիտէր, հասակը կարճ է եւ տակառանման: Եպրաքսէ հանըմ աւելցուց` ըսելով.
— Ներտէ վար պիր պօտուռ, Ալլահըն պէլասը օ տըր:
Երիտասարդը համակարծիք գտնուեցաւ, «Օ տըր» ըսաւ եւ կինը շարունակեց.
— Ծօ, ասչափ տարուան իմ կստօս նո՞ր պիտի փոխեմ: Ո՛չ, իր ասչափ տարուան ապրելակերպը,նիստուկացը նոր պիտի չփոխէ Եպրաքսէ հանըմ: Ինք այսպէս չէ վարժուած: Այս Ֆրանսացիներըաղտո՜տ են, աղտո՜տ: Արտաքուստ զարդագեղ են եւ պճնազարդ (ճիճիլի-պիճիլի), բայց եթէ իրենցփէշը վեր առնես` քիթիդ դուռը վար կ՚իյնայ: Առաջ Եպրաքսէին տունը գայիր եւ տեսնէիր… ձիւնիպէս… լզէ՜, ուր որ կ՚ուզես լզէ՜: Ծօ՛, մենք ասա՛նկ վարժուած ենք: Հիմակ ալ իր տղաքը սկսէր ենարգելք ըլլալ մաքրութեան: «Մ՚ըներ, մայրիկ» կ՚ըսեն։ «Ֆրանսացիները մի՛ նեղացներ» կ՚ըսեն: Ծօ,խելքի՜ս պիտի գայ. ինչո՞ւ կը նեղանան: Բայց պիտի ըսես, որ առտուն կանուխ վար իջիր եւ դրանառջեւ թօթուէ՛ Է՛յ, չէ իշտէ. չըլլար կոր: Ամէն բան իր սըրան ունի, ինծի շաշըրթմիշ մ՚ընէք:Անտարակոյս՝ պէտք չէ մայրիկը շփոթեցնել: Առաւօտեան այդ ժամուն` ուրիշ բաներ կ՚ընէ ան:Պզտիկ մանչը ուշ գործի կը մեկնի, եւ Եպրաքսէ հանըմ անոր շուրջը կը դառնայ: Ամէն մէկ բանինկը նայի: Իր գլխուն եթէ ձգես` վերարկու չհագած դուրս կ՚ելլէ «անառակ շուն»ը: Եւ ահաբազմաթիւ օրերէ ի վեր մայրիկը կը նայի իր գորգին վրայ ու սիրտը կը հատնի: Հիմակ դուրս ելածատենը նորէն միտքը ինկաւ եւ արիւնը գլուխը խուժեց: Իրեն այնպէս թուեցաւ, որ սիրտըաքծաններու մէջ առին: Եպրաքսէ ըլլալով` ասանկ բան չէր եղած: Տեղն ու տեղը եթէ չմաքրէր`վրան գէշութիւն պիտի գար: Ճանըմ, ինչո՞ւ չկարենամ, դո՛ւն ըսէ, ինչո՞ւ. ունիմ չունիմ մէ՛կ խալիմը ունիմ: Ամէն տեսակէտով թեւերնիս-ոտքերնիս կապեցին շան զաւակները. էյ, աս խալի՜ն ալթօթուել պիտի չձգեն, եկածն ալ ակում օրեր են. Ես ալ ի՞նչ ըրի. ծրարելուս պէս հետս առի: ՀիմաՍմբատեաններուն կ՚երթամ կոր Գլամառ… Չե՞ս ճանչնար Սմբատեանները. ամուսինը թռիքոյիգործ կ՚ընէ. «Թռիքօ-Մասիս» է… շա՜տ շնորհքով մարդ է… Քանի որ հոն պիտի երթամ, հետս կըտանիմ, իրենք պարտէզը կը թօթուիմ, լաւ մը կը մաքրեմ ըսի… Տանողը ես չե՛մ եա, թրամվէյն է.ճիշդ առջեւը կ՚իջնէ: Ինչո՞ւ պիտի չընեմ եղեր… Իմին անունս Եպրաքսէ է… Անչափ հեռուներէն հոսբերելէս վերջը.
Բայց որովհետեւ տղան բան մը չէր ըսէր, լռեց, ծուռ մը նայեցաւ եւ քիչ յետոյ հարցուց.
— Ան չէ ամա. ասանկ օրով դուն ինչո՞ւ չես աշխատիր:
— Քիչ մը տկար եմ, — պատասխանեg երիտասարդը:
— Տկա՞ր ես մի: Ի՞նչ ունիս. Ո՞ւրտեղդ. քա հա՛, երեսդ կարմիր չէ մնացեր. ի՞նչպէս մէկ անգամէնչտեսայ. պաղ առած ըլլալու ես: Սա լեզուդ դուրս հանէ, նայիմ… հանէ՛… Ծօ՛, հանէ՛ կ՚ըսեմ կորքեզի. քովիններուն գլո՛ւխը փսխեմ… էյ չէ՜, գլուխդ ալ շատ տաք չէ… Տակէդ աղէկ հագա՞ծ ես…քակէ նայիմ սա կոճակներդ, ես աչքովս պիտի տեսնեմ… Ծօ՛, շան զաւակ, մայրդ ըսել եմ, քակէ՛…նայէ՛, չըսի՞, ասանկ բարակուկ բաներ կը հագնիք, ա՜խ ճայիլութիւն… բուրդէ՜, բուրդէ՜ ֆանելակ՚ուզես… Մօրուքդ ալ մատ մը եկեր է, ինչո՞ւ թրաշ չես ըլլար կոր… փարա՞ չունիս… սուտ ե՛ս…ցուցուր նայիմ սա փարադ. պարապ խօսք չ՚ուզէր, շուտով տուն պիտի երթաս, պիտի պառկիս ուքրտնիս: … Ա՜խ, ինչ ըսեմ ձեզի, որ երկայն վարտիք հագնիլը մե՛ղք կը սեպէք…
Լռեցին: Հանրակառքը ճռնչեց, կանգ առաւ, կրկին ճամփայ ելաւ սովորական սոյլէն յետոյ եւՀայուհին աւաղեց…
— Ախ, ասանկ զայիֆ զիւյիւֆ տղաքը փողոցներն են մնացեր… վրանին մայր չկա՜յ, քի… Ծօ՛ տղայ,մօտս ալ չես որ գամ վեց հատ շիշէ քաշեմ եւ փիր ու փաք ըլլաս: Քանի տարեկան ես… աչքսելլայ…
Երիտասարդը պնդեց, թէ եղածը մեծ բան մը չէ, թէ չարժէր այդքան մտահոգուիլ: Եպրաքսէհանըմը բարկացաւ, բայց լռեց շուտով: Տղան կրկին մնաց գլուխը կախ, մտածկոտ, վերաչու: Հայմայրը «ա՜խ, աշխարհ» ըսաւ քիթին մէջէն եւ արցունք մը սրբեց: Յետոյ յանկարծ պայթեցաւ:
— Գետնին տակը անցնին սա աղջիկները: Ծօ՛, ի՞նչ ունին, որ ամէնքդ ալ անոնց փէշերէն չէքզատուիր… Մեծ տղաս խելօք է, բայց պզտիկս… փորձանք է, փորձանք: Ա՜խ, սա աղջիկները…անիծուին ամենքն ալ… ամէ՜նքն ալ…
Փողոցները անցան իրարու ետեւէ, ճամփորդները իջան ու ելան, եւ տոմսավաճառըկայարաններուն անունները պոռաց նոյն ձանձրալի ձայնով: Երկու հայերը լուռ մնացին բաւականատեն, մինչեւ որ կրկին լեզու ելաւ կինը՝ կեղծ նեղսրտութեամբ մը ըսելով.
— Ծօ տղայ, ո՞ւրտեղէն դէմս ելար… ինծի տէրտ պիտի ըլլաս: Տղա՜քս ալ չես ճանչնար, քի լուր մըառնեմ վերջը… Ձեռքէս ալ բան մը չի գար, որ… Է՜յ, դէմս չելա՜ծ ըլլայիր…
Տխուր տղան շնորհակալ եղաւ, «աշխարհի վրայ դեռ մարդ կայ եղեր» ըսաւ ու լռեց:
Ճռնչեց, քերթեց, կրճտաց կառքը:
Ցուցափեղկ մը իր պարունակութեան վրայ հարիւրին յիսուն զեղչ ըրաւ, նորոգութեան պատճառաւսինեմա մը իր դռները գոցեց, գաւառէն թարմ հաւկիթներ եկան ուղիղ գծով, byrrh-ը խմիչքներունլաւագոյնը հանդիսացաւ, երկու սենեակներ վարձու ելան garageով մը միասին, սեփ-սեւ խանութմը «սուգ» պատրաստեց քսանըչորս ժամուան մէջ:
Երբոր ամէն ինչ սեւցաւ քսանըչորս ժամուան մէջ, Նորայր ըսաւ դէմի կնոջ, գլուխը քիչ մըմօտեցնելով.
— Ինձի նայէ, մայրիկ, քանի որ ատանկ բուխ սիրտ ունիս, քեզմէ ծառայութիւն մը կրնա՞մ խնդրել:Չէ՛, մեծ բան մը չէ, բայց մի՛ մերժեր: Քիչ մը անդին միասին վար իջնանք: Քիչ մը անդին է, պիտիտեսնես: Հոն քեզի թուղթ մը կու տամ եւ կը ցուցունեմ պանդոկ մը, իմին պանդոկս: Բնաւ հեռու չէ.թռամվայի կայարանէն քանի մը մեթրօ անդին: Այդ թուղթը իմ պանդոկս ձգէ, այդքան: Ուրիշ բանչեմ ուզէր: Ես քու թռամվայի փարադ կը վճարեմ, աւելին ալ կու տամ… չէ՛ մ՚ըսեր, պիտի առնեստուածս: Միայն թուղթը պանդոկապետին ձգէ` այդքան:
Եպրաքսէ հանըմ յօնքերը լրջօրէն պռստած մտիկ ըրաւ այս առաջարկութիւնը, բայց շուտովչհաւնեցաւ, որովհետեւ չէր ըմբռներ, թէ ինչո՞ւ տղան իր պանդոկը երթալ չ՚ուզէր եւ զինքը կըղրկէ: Չէր ըմբռներ, թէ ի՞նչ կապ կայ տղուն տկարութեան եւ այդ առաքելութեան միջեւ:
— Նէ դուն հարցուր, նէ ալ ես քեզի բացատրեմ, ըսաւ տղան: Ես չեմ կրնար երթալ. ես պէտք չէ որերթամ: Բայց սա գիտցած եղիր, որ ինձի մե՜ծ, շատ մեծ ծառայութիւն մը պիտի մատուցանես:Հաւատա՛ խօսքիս` քանի մը քայլ տեղ է… մայրութիւն ըրած պիտի ըլլաս:
Կինը աւելի բացատրութիւն ուզեց, բայց Նորայր յամառօրէն կրկնեց նոյն բանը: Միայն թուղթը:
Որոշեալ տեղը երբոր վար կ՚իջնային, տոմսավաճառը ըսաւ.
— Ո՛չ, տիկին, Գլամառը հոս չէ:
Անշուշտ թէ հոն չէր, քանի որ Փարիզէն դուրս չէին ելած դեռ: Բայց Porteին հոտը կու գար: Երբ որհայ մայրը եւ երիտասարդ տղան վար իջան հանրակառքէն, կեցան մայթին վրայ: Նորայր, որ կնոջբեռը առած էր, դրաւ նստարանի մը վրայ, ինքն ալ նստաւ քովը, ըսելով` թէ վայրկեանէ մը կը գրէթուղթը եւ կու տայ: Կինը ոտքի` կը սպասէր:
Նորայր թղթապանակեն էջ մը սպիտակ թուղթ հանեց, ինքնահոս գրիչը բացաւ եւ գրեցվճռականօրէն.
«Տիկին եւ Պարոն Տիւվէռ,
Ես այլեւս պանդոկ պիտի չգամ: Զիս այլեւս բնաւ պիտի չտեսնէք: Վաղը պիտի իմանաքվախճանս` թերթերէն: Անձնասպան պիտի ըլլամ: Պատճառները բոլորովին անձնական են:Որոշումս անդրդուելի է: Անդրդուելի: Չեմ ուզէր ապրիլ: Չեմ կրնար: Գիտցէք, որ Փարիզի մէջ…
Եպրաքսէ հանըմ տղուն արագասահ գրիչին նայելով ըսաւ.
— Էօ-էօ՜ֆ, քալէմինդէն քա՛ն աքար…
Գրիչը ծակեց թուղթը: Տղան քֆրեց (իբրեւ թէ ծայրին) եւ շարունակեց.
«…ոչ ոք ունիմ: Մա՛րդ չունիմ: Ոչ ոքի սու մը պարտք ունիմ: Այս երկտողս ձեզ կը գրէմ, ընելուհամար պահանջք մը: Այն կինը, հայրենակից կինը, որ ձեզի կը բերէ այս երկտողս, ահա այդ կինըպէտք է տիրանայ այն բոլոր բաներուն, զորս ունիմ սենեակիս մէջ: Ամէն ինչ այդ խեղճ կնոջտուէք: Անոր կը նուիրեմ: Չեմ ուզէր, որ ոստիկանութիւնը գրաւէ: Կը խնդրեմ, որ յարգուի այսվերջին փափաքս:
«Շնորհակալութեամբ եւ վերջին ողջոյնով
Կը ստորագրեմ`
ՌՈՊԷՌ
(Նորայր Կարապետեան)»:
— Ատ ի՜նչ շուտ լմնցուցիր, ըսաւ Եպրաքսէ հանըմ:
Նորայր պահարան կը փնտրէր թղթապանակի մէջ, ապարդիւն կերպով: Խիստ դժգոհ էր չգտնելունհամար: Յանկարծ խելք ըրաւ եւ հարցուց կնոջ, թէ ֆրանսերէն կարդալ գիտէ՞: «Էյ, միայն այդ էրպակաս» ըսաւ կինը: Այն ատեն տղան ուղղակի ծալլուած թուղթը ձեռքը դրաւ մայրիկին: Ոչ, ուրիշըսելիք ունէր: Հանեց իր ինքնութեան թուղթը, ան ալ միասին տուաւ, դրած երկտողին տակաւելցնելով.
«Նամակիս կը միացնեմ ինքնութեան թուղթս, որպէսզի ապահով ըլլաք, թէ գրութիւնը ուղղակիինձմէ կու գայ»:
Նորայր եւ կինը քովընտի փողոց մը մտան ու յառաջացան: Բաւական մը քայլեցին: Մսավաճառիմը առջեւ կանգ առաւ տղան, եւ դէմի եզերքը քիչ մը անդին ցոյց տուաւ պանդոկ մը մարմարդուռով, ոսկեզօծ տառերով: Հոն պէտք է տանէր իր տուած թուղթը եւ յանձնէր պանդոկապետին:
Նորայր կնոջ վերադարձուց գորգի ծրարը եւ միաժամանակ տուաւ դրամատոմս մը՝ զոր Եպրաքսէհանըմ մերժեց խստօրէն:
………………………………………………………………
Ճշմարիտ փոթորիկ մը փրցուց հայ մայրիկը:
Պիտի խենթենար, խելքի՜ն պիտի գար: Անպայման սխալմունք մը պատահած էր, որովհետեւխելքին պիտի գար: Բայց լաւ կը կարդայի՞ն, ուշադրութեամբ կը կարդայի՞ն, վստա՞հ էին իրենցըսածին: Բայց, Աստուա՜ծ իմ, Հայ մը չկա՞յ սա մօտերս, որ գայ ու պէտք եղածին պէս թարգմանէ:Ո՞ր սենեակին ունեցածը, ինք ի՞նչ գործ ունի ոստիկանութեան գրաւածներուն մէջ: Ռոպէ՞ռ մի:
Փոքրակազմ եւ սիրուն պանդոկապետուհին է, որ նախապէս թուղթը առած էր եւ կարդալով գոյնընետած: Դուրս նետուեցաւ գրասենեակէն եւ սանդուխներն ի վեր ճչաց — Տէզիռէ՜, Տէզիռէ՜: Եւորովհետեւ իր ուզածին չափ շուտով չէր հասնէր ամուսինը, սկսաւ գրասենեակին էլեկտրականկոճակները բոլոր յարկերուն վրայ հնչեցնել: Վերջապէս պանդոկապետը վար եկաւ ըսելով —«Բերի՞ն ապահովագրութեան պատասխանը»: Բայց գրեթէ միաժամանակ իր կնոջ տժգունութիւնըտեսնելով դէմքը կախեց ու բարկացաւ: «Խենթ ես դուն, կ՚ըսէր, նորէն անկողին պիտի իյնաս. դեռերկու օր է ոտքի ելեր ես… Ի՞նչ կ՚ըլլանք կոր»:
Երբոր ինքն ալ կարդաց Նորայրին թղթիկը. այս անգամ կնոջը հետ սկսաւ հարցումներու տարափմը տեղացնել Եպրաքսէ հանըմին վրայ: Բնականաբար չէին համարձակեր շուտով այս վերջնոյնըսել, թէ ի՞նչ կ՚անցնի կը դառնայ, քանի որ չէին գիտեր, թէ ինչ կապեր Հայուհիին կը միացնենտղուն: Երբոր վերջապէս, մեծ դժուարութեամբ հասկցան, թէ պարզ հայրենակից մըն է, տուիներկտողին իմաստը:
Ո՛չ, չէր կրնար հաւատալ, աչքերը կը մթագնէին, արիւնը գլուխը ելած էր, ըլլալի՜ք բան չէր: Կըպահանջէր, որ Հայ մը գտնեն, որպէսզի ան պէտք եղածին պէս, շէնքով շնորհքով թարգմանէ:Աստուա՜ծ իմ, շատ համբերութեան պէտք եղաւ Հայուհիին հասկցնելու համար, թէ սուտ ու սխալչէին ըսեր:
— Բայց այս ատեն ի՞նչ կեցեր էք, վազեցէք, ետեւէ՛ն վազեցէք, — կը պոռար Եպրաքսէ հանըմ: —Մայրիկ ունի, քո՜յրիկ ունի:
Եւ չէր կրնար ըմբռնել, թէ ինչո՛ւ անմիջապէս ետեւէն չեն վազեր տղու մը՝ որ հեռու տեղ մայրիկ մըունի:
Պանդոկապետին թեւէն քաշելով տարաւ մինչեւ փողոցին դուռը, ըսաւ, թէ մինչեւ ո՛ւր իրենընկերացած էր Նորայր, եւ թէ մարդը եթէ քիչ մը վազէր, անպայման ետեւէն կը հասնէր: Պէտք էրկառք մը առնել եւ վազել, պէտք էր ջուրին եզերքը երթալ, այո՛, Սէնին եզերքը երթալ. պէտք էրլուր տալ մեր եկեղեցին, որուն մեթռօն «Շան զ՚Էլիզէ»-ն էր: Բայց ինք չի՜ կրնար վազել, որ…
Կրկին վերադարձան գրասենեակ: Եպրաքսէ հանըմ կու լար: Այդպէս չպիտի լար անշուշտ, եթէ քիչմը գոնէ կարենար ինքզինքը պարպել: Բայց լեզուի դժուարութիւնը կրկնապէս կը նեղէին զինքը:Հայերէն եւ թուրքերէն բառերը կը խառնուէին իր չափազանց խեղճ, ծիծաղելի ֆրանսերէնին հետ,եւ իր ըսածները պանդոկապետը կը գուշակէր, քան թէ կը հասկնար:
Փոթորիկը քիչ մը խաղաղեցնելու համար մարդը խստութեամբ ըսաւ.
— Բայց քիչ մը զսպեցէ՛ք ինքզինքնիդ, տիկին, մանուկ չէ՜ք: Մենք զինքը ձեզմէ աւելի կըճանչնանք եւ սակայն… Չչափազանցե՜նք, վերջապէս օտար մը ըսել էք…
Ի՞նչ, օտա՞ր. երբե՛ք. երբեք օտարներ չէին: Ինքը շատո՜նց է, որ կը ճանչնար Նորայրը: ՔանիԿիրակիներ եկեղեցին հանդիպած էր: Եւ յետոյ ան իրեն համար ապառթըման պիտի փնտռէր…սկսած էր փնտռել… Եւ յետոյ, նոյն գիշերն իսկ ինք հոս պիտի գար եւ Նորայրին կռնակը վեց հատշիշէ պիտի քաշէր… Օտա՞ր մի… տակէն հագած ֆանելաներուն թիւը անգամ գիտէր… Օտա՞ր մի…
Պանդոկապետուհին ըսաւ…
— Ես արդէն կը զգայի, որ այս տղան բան մը ունի: Երկու օր է պանդոկ չէ եկած: Այնպէս չէ՞,Տէզիռէ՛, երկու գիշեր է որ չէ եկած:
— Դուն լռէ, ըսաւ մարդը խստութեամբ: Դուն արդէն միշտ այսպէս ես. ամէն բան կը վերածեսողբերգութեան եւ ճեփ-ճերմակ կ՚ըլլաս: Արդէն հազիւ երկու օր կայ, որ անկողնէն ելեր ես…Անձնասպան պիտի ըլլամ ըսելուն համար դուք ալ հաւատացի՞ք: Սպասեցէք տեսնենք… խոսքին եւարարքին մէջ հեռաւորութիւնը շա՜տ մեծ է: Ո՞ր երիտասարդը այդ տեսակ ցանկութիւն չէ ունեցեր:Ես անգամ քեզ չգրեցի՞ Լիլ եղած ատեննիս, թէ…
— Ի՞նչ կ՚ըսես կոր, միւսիւ, պոռաց Եպրաքսէ հանըմ. դուն եւ ան մէ՞կ էք: Անոր աչքերուն մէջընայո՛ղը միայն կը հասկնայ, թէ որքան յամառ է: Իր գիտցածէն շեղող տղայ չէ՜: Միտքը դրեր է,պիտի ընէ: Ես մարդու մը երեսը եթէ նայիմ, ինչ ըլլալը քեզի կ՚ըսեմ:
Հայ կինը այս խօսքերը կ՚ըսէր (կամ ըսել կը կարծէր) միշտ նոյն բարձրաղաղակ ձայնովը, յուզուածձայնովը եւ առատ շարժուձեւերով: Պանդոկապետը կրկին փորձեց զինքը հանդարտեցնել, բայցտեսնելով, որ դէմինը իր բոլոր ըսածները չի հասկնար, աւելցուց — la barbe!:
— Հապա՜, — ըսաւ Եպրաքսէ հանըմ, մօրուքն ալ մատ մը եկած էր: Ինքզինքը ձգա՜ծ էր, ձգա՜ծ…
Ֆրանսացիները այս անգամ ա՛լ չխնդացին, կարելի չէր։ Այն ատեն պանդոկապետուհին իրամուսինին ըսաւ, թէ պէտք է շուտով ոստիկանատուն երթալ եւ եղելութիւնը պատմել, տեղեակպահել իշխանութիւնը: Գուցէ անոնք միջոցաւ մը կրնային տղան գտնել, կրնային զայն ետ կեցնել:«Արդեն ուրիշ միջոց չկայ որ» ըսաւ մարդը եւ պատրաստուեցաւ ոստիկանատուն երթալ: Բայցորովհետեւ հայ կնոջ աղմկալից ներկայութիւնը անհաճոյ էր գրասենեակին մէջ, բայց որովհետեւչէր ուզեր զայն առանձին թողուլ իր կնոջը հետ «որ նորէն անկողին պիտի իյնայ», Եպրաքսէհանըմը դուրս հանեց: Միասին քանի մը յարկ բարձրացան եւ պանդոկապետը դուռ մը բանալովըսաւ, թէ այդ էր Կարապետեանին սենեակը: Յետոյ հայելիին վրայէն տղուն մէկ լուսանկարըառնելով աւելցուց — «Ես մարդոցը կ՚ըսեմ ինչ որ պէտք է: Անոնք այս պատկերովը թերեւս կրնանգտնել: Մինչեւ որ չգամ, հոսկէ մի՛ շարժիք: Շուտով կուգամ»: Ու մեկնեցաւ առանձին ձգելով կինը:
………………………………………………………………
Եւ յետոյ բացաւ հանդերձակալը: Հոն կախուած նոր հագուստը, վերարկուն եւ այլ գոյքեր տեսնելովբացականչեց— «Չեմ ուզէր, ծօ, չե՜մ ուզեր»: Հայելիին վրայ տեսաւ տարեց կնոջ մը լուսանկարը որապահովաբար Նորայրին մայրն էր: Մասամբ ճերմկած մազերով այդ կինը կը ժպտէր քաղցրօրէն:«Ակնոցս ալ քովս չէ, բայց խաթուն կնիկ մը կ՚երեւաս կոր» ըսաւ Եպրաքսէ Հանըմ եւ հեռացաւհայելիէն` սաստիկ յուզուած:
Որքան որ շուտով հեռացած էր, նոյնքան շուտով մօտեցաւ դարձեալ պատկերին: «Մուխդմարեցա՛ւ, կնիկ… Ա՜չկս ելլայ… թա՛մ ալ զաւկիդ կը նմանիս կոր. քիթէդ ինկեր է… գիտես քի եսքեզի տեղ մը տեսած եմ…»:
Եւ յանկարծ սաստիկ բարկացաւ Նորայրին դէմ: Սաստիկ զայրացաւ: Ո՛չ, այս բանը ընելու չէրքանի որ մայր ունի. իր ծնողքին խնայելու էր այս վիշտը: Ի՞նչ ես եղեր, ա՜յ տղայ, ձեռքդ ոտքդ կըբռնէ, փա՛ռք Աստծոյ. չէի՞ր կրնար քիչ մը ակռադ սեղմել: Եւ յետոյ, «Ինձմէ՞ ինչ կ՚ուզէիր, ես քեզիի՞նչ գէշութիւն ըրի, որ սիրտս վեր հանեցիր. չէի՞ն օգտեր իմ քաշածներս. չէի՞ն օգտեր իմտեսածներս: Ի՞նչ կ՚ուզէիր ինձմէ, որ հոս ղրկեցիր. ես մեղքը չե՞մ… Ախ, ճայիլութիւն. տէլի գանլըըսէր են նէ հա՜խ ունին, արիւննիդ խենթ է… քա ո՞ւր տեսնուած է, որ թռամվային մէջ առաջինանգամ հանդիպած կնկանդ…»
Եպրաքսէ հանըմ նայեցաւ պատին վրայ հաստատուած Illustration գունաւոր նկարներուն, առանցզանոնք տեսնելու: Վերմակը վեր առնելով` սաւաններուն սպիտակութիւնը քննութենէ մը անցուցեւ գլուխը երերցուց ըսելով «տէլի՜ գանլը»: Յետոյ գնաց անգամ մը եւս բացաւ հանդերձակալը,նայեցաւ ճերմակեղէններուն եւ մատներով շօշափեց ու քննեց նոր զգեստին կերպասը: Երդումըրաւ, որ զանոնք աղքատի մը պիտի տայ եւ հեռացաւ իսկապէս յուզուած:
Իսկապէս յուզուած էր, որովհետեւ աչքին առջեւ եկաւ իր պզտիկ տղան, որ գրեթէ նոյն տարիքըունի: Իր «անառակ շուն»ը մտածումին ներկայացաւ տխուր, ինքն իր վրայ կքած, մօրուքը մատ մըեկած: Այդ սիրելի դէմքը կը տժգունէր հետզհետէ աւելի, հետզհետէ աւելի: Եպրաքսէ հանըմ աթոռիմը վրայ ինկաւ յոգնաբեկ: Տղուն պատկերը չէր հեռանար սակայն: Ան յուսահատ էր եւ լքուած:Տակէն շատ թեթեւ ու հին ֆանելաներ հագած էր, շիշէ քաշող չունէր եւ իր սենեակին առարկաներըկը կտակէր որեւէ մէկուն: Յանկարծ «անառակ շուն»ին դէմքը ծածկուեցաւ արիւնով: Արիւնը կըվազէր բերնէն, ռունգերէն, քունքէն: Յանկարծ գլուխը ջախջախուեցաւ հանրակառքի մը տակ եւմարդիկ սկսան պոռալ, աղաղակել, օգնութիւն խնդրել: Յանկարծ տղուն կոկորդը կտրուեցաւածելիի ահաւոր հարուածով մը: Յանկարծ…— Եպրաքսէ հանըմ կու լար: Իր ուռած տղան դուրս կըքաշէին Սէն գետէն. կանաչ էր եղած ան. խխում հագուստներով կը բերէին տուն. Հաստ ու դաժանconciergeը թեւերը վեր կ՚առնէր սարսափով եւ «ես քեզ մեղա՜յ» կ՚ըսէր Եպրաքսէ հանըմին: Իսկ անիր տղուն պաղ դիակին վրայ ինկած` մազերը կը փետտէր…— ոտքի ելաւ Եպրաքսէ հանըմ:Անտանելի էր իր վիճակը: Պիտի խեղդուէր:
Անհամբերութեամբ սենեակին դուռը բացաւ ու նայեցաւ սանդուխներէն վար: Պանդոկապետըմիշտ կ՚ուշանար: Կրկին ներս անցնելով սկսաւ երթուդարձել եւ խոշոր ճիգ մը ընել այս մահաբոյրմտածումները հեռացնելու համար: Վայրկեաններն իրեն անսահման կը թուէին, եւ ինք կ՚ուզերժամ առաջ դուրս փախչիլ այս անտանելի մեռելատունէն: Գլխուն քիչ մը պաղ ջուր զարկաւ,հառաչեց ու մնաց յուսակտուր, մնաց ջախջախուած՝ ակնարկը պարապին:
Այդպէս, ակնարկը պարապին, սկսաւ կրկին մտածել շրթունքները անշարժ, բայց գլուխը ճօճելով.
— «Տղայ մը պակա՜ս է եղեր… որո՞ւն հոգն է… հաշիւ բռնողն ո՞վ է… ո՞վ պիտի գայ հոս մարդպիտի փնտրէ… չմեռնի՜ս, եօխսամ… Ասչափ մարդ ջարդեցին, ասչափ մարդ զարկին, ասչափանմեղի արիւն մտան… Ո՞վ որի… կէնէ ամէն մարդ իր օրուան հացին ետեւէն կը վազէ, ամէն մարդիր վաղուանը կը մտածէ… չմեռնի՜ս, եօխսամ… պարէ հրաշք մը ըլլար եւ սա տղան գտնէին, հրաշքմը ըլլար՝ սա տղան փրկէին…
Մտածումներու առթած թմրութենէն յանկարծ սթափուեցաւ Եպրաքսէ հանըմ: Գաղափար մըինկած էր իր մէջ, երկինքէն քար իյնալու պէս: Մէկը այն գաղափարներէն, որոնք մարդս կը մղենյանկարծական գործունէութեան, առանց անդրադարձումի րոպէ մ՚իսկ շնորհելու: Բայց անշուշտ,ինչո՞ւ պիտի չընէր: Ո՞վ կրնար տեսնել զինքը: Ո՞վ որի:
Եւ անմիջապէս պատուհանը ամբողջութեամբ բանալէ յետոյ, գնաց իր հրայրը քակեց եւ դուրսհանեց գորգը: Պիտի թօթուէր:
………………………………………………………………
Սկսաւ թօթուել ուժով, գոհունակութեամբ, առոյգութեամբ: «Էյ, աս փէ՜ք աղէկ յարմարեցաւ»—մտածեց, եւ թեւերը պիրկ՝ մարմինը պատուհանէն դուրս` սկսաւ զարնել ու զարնել: Բա՛թ, քի՛ւթ,բա՛թ, քի՛ւթ… Ո՞վ պիտի գար զինքը արգիլել։ Ո՞վ որի: Բա՛թ, քի՛ւթ… բայց սահեցաւ:
Շատ մաշած, նոր փայլեցուած, եւ փայլը դեռ բնաւ չաղարտուած տախտակամածին վրայ սահեցաւԵպրաքսէ հանըմ, իր մաշած կրունկներուն եւ իր աճապարանքին պատճառաւ: Գնաց երեսի վրայ:
Ակնթարթ մը: Խուլ ճիչ մը` կնոջ փորոտիքին մէջ: Ճարտարապետական գիծեր, պատուհաններումէջ կախուած ճերմակեղէններ եւ վարի courը աչքերուն մէջ դարձած, շրջեցան, ընկլուզեցան, բայցկինը կառչեցաւ:
Կրցաւ կառչել պատուհանի շրջանակին, գոնէ մէկ ձեռքով: Դժուարութեամբ ու շնչահեղձ` ներսանցաւ: Ներս անցաւ՝ առանց գորգի: Ան վար հասած էր արդէն ու կը հանգչէր երկուաղբամաններու միջեւ:
Լեղին պատռած էր: Եպրաքսէ հանըմին սարսափը աննախընթաց էր: Երկու ձեռքերը գլխունզարկաւ իր բոլոր ուժով եւ կանչեց սրտին խորունկէն— «Ամա՜ն, ամա՜ն, սուրբ Աստուածամար»:
Կարծես վտանգէն հեռու փախչելու համար, կարծես աւելի ապահովութիւն գտնելու համար, գնացսենեակին խորը, սկսաւ դառնալ ու դառնալ նոյն անկիւնին մէջ եւ դողացող ձեռքերը կրկին գլխունզարնելով ըսաւ. «լա կ՚երթայի՜ կոր… քա մանչե՜րս… ամա՜ն, սուրբ Աստուածամար…»:
Ո՛չ, չէր գացած: Կասկած չկայ, թէ վար չէր ինկած: Հոս էր, սենեակին մէջն էր, վտանգը անցած էր:Տեսաւ ինքզինքը հայելիին մէջ: Շառագունած էր եւ այլայլուած: Խաչ հանեց եւ վճռեց Կիրակի օրը«մոմ երթալ եւ եկեղեցի մը վառել»: Երբ ինքզինքը կը դիտէր հայելիին մէջ, հոն տեսաւ նաեւանծանօթ մօր պատկերը: Ան միշտ կը ժպտէր քաղցրօրէն:
………………………………………………………………
Ան միշտ կը ժպտէր քաղցրօրէն:
………………………………………………………………
— Քա էդէպսիզ. գետնին տա՛կը անցնելիք Եպրաքսէ…
Կատաղօրէն սկսաւ յանդիմանել ինքզինքը եւ ըսաւ, թէ Ֆրանսացինիրը իրաւո՛ւնք ունին, թէ ինքճշմարիտ խենթ մըն է, թէ ծայրայեղութեան տարած է մաքրասիրութիւնը: Ամէն օր եւ օրն ի բունջուր կը վազցնէ, տախտակ կը շփէ եւ բան կը թօթուէ: Եւ այժմ վերջապէս կ՚ուզէր գիտնալ, կ՚ուզէրանպայման գիտնալ, թէ ե՞րբ պիտի փոխէ իր յոռի բնաւորութիւնը: Հարց կու տար եւ կը փափագէրհասկնալ, թէ ե՞րբ պիտի հրաժարի իր անիմաստ սովորութիւններէն: «Հէ՞, ըսէ նայիմ» կը կրկներամէն նախադասութեան սկիզբն ու վերջը, եւ քանի որ յանցապարտ Եպրաքսէ կը մնար լուռ, ինքնաւելի ուժ կ՚առնէր եւ կը պնդէր, թէ արժանի կը պատիժի։ «Հա՛խ» է, ինչ որ պատահեցաւ «Հախ»է: Այո՛, արդարութիւն է: Իրեն պէս ջատուկ մը, որ իր երկու աննման մանչերն իսկ մեղքնալ չիգիտեր այս տեսակ վախճան մը պէտք է ունենայ: Պէտք է ճղակտոր ըլլայ: «Ամա՜ն, սուրբԱստուածամար»: Սկսաւ լալ Եպրաքսէ հանըմ:
………………………………………………………………
Երբե՜ք, երբեք պիտի չհամարձակի վար իջնել եւ պանդոկապետուհիէն խնդրել, որ իրենվերադարձնեն գորգը: Երբե՜ք, երբեք պիտի չհամարձակի խոստովանիլ, թէ գորգ թօթուելու ելածէր մեռնող տղու մը սենեակին մէջ որ հեռու տեղ մայրիկ մը ունի: Հայելիին վրայ էր միշտ իրմեղքը: Բայց ուրեմն ի՞նչ պիտի ընէ: Լսուեցաւ պանդոկապետին ձայնը, որ ոստիկաններու հետշփուած ըլլալուն համար աւելի գոռ եղած էր: Մարդը վերադարձեր է: Եպրաքսէ հանըմ անմիջապէսգոցեց պատուհանը:
Բնականաբար ոտնաձայները կը մօտենային, եւ սանդուխը կը ճռնչէր հետզհետէ աւելիյստակօրէն: Հայ մայրը յանկարծ նշմարեց իր սեւ լաթը: Այն՝ որուն մէջ պլորած էր իր գորգը:Պարա՜պ պարա՜պ, պարա՜պ սեւ լաթը:
Այնքան արագ, որքան արագ բացած էր պատուհանը գորգը թօթովելու համար, Եպրաքսէ հանըմշուրջը նայեցաւ եւ անմիջապէս վերմակին տակէն խլեց մեծ բարձը: Զայն պլլեց սեւ լաթին մէջ:Հօփ-լա՜: Կրկին գոցեց վերմակը:
………………………………………………………………
Յաղթանդամ բեռնակիրներ կառքէ մը վար կ՚առնեն պոչաւոր դաշնակ մը, մինչ կառքին ձիերը կըխածնեն մէկզմէկու վիզ: Չանձրեւեց այսօր բացառաբար եւ ապրիլեան հետմիջօրէն յառաջացած էպատերու տակէ, գլխիկոր: Մօտակայ բարձր ծխնելոյզին մուխը կ՚իյնար վար, պատճառ ըլլալով որաւելածուն գլուխը ցցէ, նայի եւ քրթմնջէ: Իր ատելի խանութին առջեւ նստած է անցեալը մութմսագործ մը, խոշոր շան մը հետ: Հաստափոր մսագործը բերնին անկիւնէն կը նետէ սիգարէթիգարշելի կոտորակ մը եւ վերջապէս կը զարմանայ: Զարմացումով կը նայի սեւեր հագած խեղճուկկնոջ մը, որուն շարժումները առնուազն արտառոց են: Լայնածաւալ կինը սեւ ծրար մը ունի թեւինտակ: Ջղագրգիռ գնացքով կ՚երթայ ան փողոցին ծայրը եւ հոն կը կենայ: Հոն կը կենայ ու յետոյ կըվերադառնայ: Այս երրորդ անգամն է, որ կինը կ՚երթուդարձէ: Կը մօտենայ մարմար դուռով եւոսկեզօծ տառերով պանդոկին, կարծես ներսը մտնելու հաստա՛տ, անխախտելի՛ որոշումով, բայցկը վարանի, քիչ յետոյ հեռանալու համար աճապարանօք: Ծրարը կը բանայ, կը նայի սպիտակբանի մը եւ անհասկնալի բաներ կը բացականչէ: Բայց մանաւանդ ձեռքը կը զարնէ գլխին, արագեւ բազմաթիւ հարուածներով: Շուրջն ալ կը նայի կարծես օգնութիւն հայցելու պէս, բայց ոչ ոքօգնութեան չի հասնիր անոր՝ որ խեղճուկ մը կեցեր է պանդոկին դրան առջեւ, անոր՝ զոր եսկոչեցի Եպրաքսէ հանըմ, բայց դուն գիտես, ընթերցող, որ պճեղ մը անուշ սիրտ է:



Комментарии